Խաչը մեր մէջը թաքնուած սէրը դրսեւորելու բանալի մըն է։
ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II
8.22K subscribers
4,195 views
304

 Published On Premiered Sep 15, 2024

Նորին Ամենապատուութիւնը շարակնոցէն «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի Քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի: Սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ: Փառք Սուրբ Խաչիդ. ալէլուիա» բնաբանով: Պատրիարք Հայրը քարոզին սկիզբը անդրադարձաւ խաչի խորհուրդին քրիստոնէութեան համար կարեւորութեան, խաչի տօներուն եւ ի մասնաւորի Խաչվերացի տօնին: Բացատրեց խաչվերացի տօնի պատճառ դէպքը, որ Է. դարուն պարսիկներու խաչափայտը գերի տանելուն, ապա քրիստոնեաներու կողմէ գերութենէն ազատելուն եւ Խաչափայտի հանդիսաւոր թափորով Երուսաղէմ վերադարձը: Պատրիարք Հայրը ամփոփեց տօնին իմաստը ըսելով. «Ուշադիր եղիր որպէսզի մարդիկ չի գողնան խաչդ: Եւ եթէ գողնան, տէր կանգնէ եւ ամէն գինով ետ առ խաչդ: Խաչի խորհուրդը սէրն է: Այն սէրը, զոր Աստուած ունի մարդ արարածի հանդէպ:

show more

Share/Embed